2015-05-22 14:13:00

ՏԱՀԵՇ կ՛առեւանգէ Կաթողիկէ` Ժաք Մուրատ Քահանան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի Կաթողիկէ Ժաք Մուրատ Քահանան, Մար Էլեան աբբայարանի մեծաւորը, որ կը գտնուի Դամասկոսէն 80 քմ հեռաւորութեան վրայ­, 21 մայիսին առեւանգուեցաւ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի զինեալներու կողմէ։

''21 մայիսի կէսօրէն ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք Հայր Մուրատի մասին, հաղորդած է Հայր Նաուրաս Սամմուր, Յիսուսեաններու Միջին Արեւելքի գաղթականներու ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատուն, աւելցնելով թէ միակ տեղեկութիւնը այն է` թէ Հայր Մուրատ առեւանգուեցաւ չորս մարդոց կողմէ որոնք, ամենայն հաւանութեամբ կը պատկանին Ժիահտական խմբաւորումին։ Վերջին օրերուն Հայր Մուրատ իր ժողովրդապետութեան մէջ հիւրընկալած էր Փալմիրայէն փախչող մի քանի գաղթական ընտանիքներ։

''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան հետ հաստատած կապին մէջ Հայր Սամմուր վերյիշած է նաեւ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ու նահատակուած կղերականները­, որոնց շարքին նշենք կաթողիկէ հայ եկեղեցւոյ զաւակ ու Քահանայ Հայր Միքայէլ Քայեալը։ Մենք քահանաներս – ըսած է Հայր Սամմուր – գիտակից ենք մեր առջեւ գտնուող վտանգին­, սակայն ուրիշ բան չենք կրնար ընել եթէ ոչ մնալ Սուրիացիներու կողքին ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։

Սուրբ Աթոռի Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Զէնարի Ռատիօ վատիկանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացին վկայած է թէ ''Հայր Մուրատ բոլորէն յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, ըլլայ քրիստոնեաներէն ըլլայ մահմետականներէն''։

Ան մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներ կ՛իրագործէ ըլլայ իսլամներուն ըլլայ քրիստոնեաներուն համար - ըսած է  Գերապայծառ Զէնարի հաստատելով թէ ''Հայր Մուրատ կը գործէր շրջանի խաղաղութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.